Friday, March 13, 2009

ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱՅԻՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ 13/03/09

(http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=19602)

Վրացական իշխանութիւններու կիրարկած քաղաքականութիւնը Վրաստանի տարածքին ապրող հայութեան նկատմամբ հետզհետէ աւելի անընդունելի կը դառնայ։ Մեր մամուլը յաճախ լուսարձակի տակ առած է ջաւախահայութեան հանդէպ պաշտօնական Թիֆլիսի որդեգրած քաղաքականութեան տարբեր դրսեւորումները։ Վարչակառավարման համակարգերը, վարչական տարածքներու վերագծումները, կրթական ծրագիրներու պարտադրանքի փորձերը, հայերէնախօսութեան դէմ տարուող քարոզչութիւնը, պետական պաշտօնէութիւնը հայաթափելու յստակ միտումներն ու ի գործ դրուած ճիգերը, տակաւին՝ անվտանգութեան հետ կապուած սուր հարցերը, կրօնական կեդրոններու վրացականացման ոտնձգութիւնները, ձերբակալութիւնները՝ այս բոլորը ստուար թղթածրար մը կը կազմեն ջաւախահայութիւնը իր հայրենական արմատներէն հեռացնելու կոչուած պետական քաղաքականութիւնը յստակօրէն բնութագրելու տեսակէտէն։
Առաւել մխիթարական չէ թիֆլիսահայութեան պարագան, որ պարզ պատճառներով շատ աւելի արագ վրացականացման ալիքին ենթարկուելու առումով պատրաստ ենթահող ունի։ Այնտեղ եւս երկար ժամանակի վրայ բազմաթիւ են դէպքերը, վերաբերումները։ Վերջինը՝ հայկական անունները ջնջելու կը միտի՝ վրացական ակունքներու վերադարձի յայտարարութեամբ։ Մեր ընթերցողները աւելի մանրամասն կրնան ծանօթանալ վրացական իշխանութիւններու այս նորագոյն գիւտարարութեան՝ 3-րդ էջով տրուած յօդուածով։
Լրատուութիւններուն եւ պաշտօնական յայտարարութիւններուն համաձայն, այս մտահոգութիւնները, հարցերը, հայ-վրացական միջպետական յարաբերութիւններու եւ փոխադարձ այցելութիւններու ընթացքին համատեղ քննարկման ենթակայ եղած են։ Եկեղեցական մակարդակի վրայ եւս Էջմիածնի կաթողիկոսութեան կողմէ մտահոգութիւնները փոխանցուած են վրացական համապատասխան իշխանութիւններուն։ Յայտնաբար սակայն, որեւէ ետդարձ չի նկատուիր վրացական կողմէն։
Կարելի է ըմբռնել, որ հայկական կողմէն որոշ կաշկանդուածութիւն գոյութիւն ունի աւելի սուր կերպով դիրքորոշումներ հրապարակելու եւ համապատասխան կեցուածքներ ճշդելու։ Վրաստանը կիսաշրջափակուած Հայաստանի Հանրապետութեան համար ցամաքային հիմնական ելք է դէպի Ռուսիա, դէպի Արեւմուտք։ Պարզ է նաեւ, որ ցամաքային ա՛յդ ելքի փակման պարագային տնտեսական տագնապի ի՛նչ տարողութիւն կը սպառնայ Հայաստանին։ Թիւերը, համեմատութիւնները խօսուն են Վրաստանի ճամբով Հայաստանի Հանրապետութեան իրականացուցած ապրանքաշրջանառութեան տեսակէտէն։
Անտեղի չ՚ըլլար հաւանաբար անդրադարձ կատարելը Վրաստանի կացութեան թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ ներհասարակական մակարդակներու վրայ։ Խորքին մէջ խիստ թէական է նաեւ վրացական հասարակութիւն հասկացողութիւնը ինքնին, որովհետեւ Վրաստանի այսօրուան տարածքին ապրող ժողովուրդներու ազգային բաղադրութիւնը աւելիով կը համոզէ, որ նման ամբողջականութիւն մը գոյութիւն չունի։
Վրաստան-Հարաւային Օսեթիա բախումները եւ արագ անցում կատարած վրաց-ռուսական պատերազմը խաղաթուղթերու վերադասաւորում պարտադրեց ամբողջ շրջանին համար։ Պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը զուսպ էր, հաւասարակշռուած եւ այն հազուագիւտ թեմաներէն էր, որ գնահատուեցաւ թէ՛ իշխանամէտ եւ թէ՛ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ։
Վրաստանը ուշադրութեան կիզակէտ է աշխարհաքաղաքական ուժերուն համար։ Ներհասարակական դիւրաբեկ իրավիճակը պարարտ ենթահող կը նկատուի արտաքին միջամտութիւններու ազդեցիկութիւնը ապահովելու համար։ Հայ ազգաբնակչութիւնը թէեւ չի ներքաշուիր այդ գործընթացներուն, այսուհանդերձ կը շարունակէ սուղ վճարել թիֆլիսեան իշխանութիւններուն իրականացուցած քաղաքականութեան գինը։
Առանց քաղաքագիտական տեսութիւններու վերարծարծման համոզուածօրէն կարելի է եզրակացնել, որ վրացական բարդ կացութիւններու հանգուցալուծումը դաշնակցային դրութեան հաստատումն է, ուր վրացական քաղաքացիութիւն ունեցող տարբեր ազգերը կ՚որդեգրեն ինքնակառավարման դրութիւն, քաղաքական ըսելաձեւով՝ ինքնավարութիւն։ Այլապէս, փաստը ցոյց տուած է արդէն, որ ռազմական ճակատումները չեն կրնար առաջադրուած լուծումը ապահովել հակամարտութիւններուն։
Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով վերը արծարծուած հարցերուն գլխաւոր պատասխանատուն պաշտօնական Թիֆլիսն է, որ պարտի վերատեսութեան ենթարկել Վրաստանի տարածքին ապրող հայ ազգաբնակչութեան նկատմամբ իր կիրարկած քաղաքականութիւնը։ Խորքային վերատեսութիւնը, որ ըստ էութեան կը ծառայէ թէ՛ վրացական եւ թէ՛ հայկական շահերուն՝ ջաւախահայութեան ինքնավարութեան հաստատումն է։